2015-11-15 10:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` ''Աստուած օրհնէ անոնք որ կը գործեն երկխօսութեան ի սպաս''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 15 նոյեմբեր 2015-ին, այցելութիւնը կը կատարէ Հռոմի Լիւթերական աւետարանական եկեղեցւոյ, իր մասնակցութիւնը բերելու կիրակնօրեայ պաշտամունքին։

Այս Առթիւ Սրբազան Հայրը թուիթ մը հրատարակեց որուն մէջ յայտնեց իր ուրախութիւնը հանդիպելու եւ աղօթելու Հռոմի Լիւթերական եղբայրներուն հետ ապա գրեց ''Աստուած օրհնէ բոլոր անոնք որ կը գործեն երկխօսութեան եւ քրիստոնեաներու միութեան համար''։

''Ուրախութիւնն է այսօր աղօթել Հռոմի Լիւթերական եղբայրներուն հետ։ Աստուած օրհնէ բոլոր անոնք որ կը գործեն երկխօսութեան եւ քրիստոնեաներու միութեան համար'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.